2014-07-29 13:42:59

Ֆրանչիսկոս Քահանաապետը Ասիայի երեք երկիրներ կ՛այցլէ` Քորէա, Սրի Լանքա եւ Փիլիպեան կղզեխումբ։


Երեքշաբթի 29 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ Յունուարին հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Սրի Լանքայ (12-15 Յունուար) եւ Փիլիպեան կղզեխումբ (15-19 Յունուար), ճամբորդութեան պաշտօնական յայտագիրը լոյս պիտի տեսնէ մօտ օրէն։
Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ 13 -18 օգոստոս հովուական այցելութեամբ կը մեկնի նաեւ Քորէա, Ասիայի երիտասարդութեան 6-րդ օրուայ տօնախմբութեան առթիւ։ Սրբազան Քահանայապետի սոյն այցելութիւնը ունի երեք նպատակակէտ. Առաջինը` տօնախմբել Ասիայի երիտասարդութեան օրը, երկրորդ` նախագահել Քորէացի 124 նահատակներու երանացման արարողութիւնը եւ երրորդ աղօթել Ասիայի հաշտութեան եւ խաղաղութեան համար։
Վերոյիշեալ առաքելական ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի միջազգային երրորդ ճամբորդութիւնը, 2013-ի Յուլիսին Պրազիլ եւ 2014-ի Մայիսին Երուսաղէմ կատարած առաքելական ճամբորդութիւններէն ետք։
Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ Քորէան այցելած է նաեւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը` 1984-ին եւ 1989-ին։
Նշենք թէ Ասիայի երիտասարդութեան օրերը սկիզբ առած են 1999 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.